Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթը` ''աշխատանքը կարեւոր է մարդկային արժանապատուութեան
համար''։
(Ռ.Վ. 11 նոյեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 11 նոյեմբերին հրատարակած թուիթին
մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ աշխատանքը շատ կարեւոր է` ըլլայ մարդկային
արժանաւորութեան համար, ըլլայ ընտանիքին եւ ըլլայ խաղաղութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը
գրեց` ''Որքա՚՜ն կարեւոր է աշխատանքը` մարդկային արժանաւորութեան, ընտանիքի կառուցումին
եւ խաղաղութեան համար''։